2015-05-21 13:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ`Իտալացի նահատակուած եւ վիրաւորուած զինուորներու ընտանեկան պարագաներուն։


Հինգշաբթի, 21 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ հանդիպեցաւ , Իտալական Ոստիկանութեան` ծառայութեան ընթացքին նահատակուած եւ վիրաւորուած զինուորներու ընտանեկան պարագաներուն հետ։

Այս առթիւ, անոնց ուղղած ճառին մէջ Սրբազան հայրը յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց  Իտալական ոստիկանութեան  անդամներուն եւ ոստիկանական ծառայութեան ընթացքին՝ նահատակ ինկած եւ վիրաւորուած  ոստիկաններու ընտանեկան պարագաներուն, որոնք պայքարած են  քրիստոնէական յոյսի վկայութեան ի սպաս։

՝՝Իւրաքանչիւր պարկեշտ զբաղուածութիւն՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը  ՝՝կը նպաստէ ընդհանուր բարիքին՝ եթէ ան կատարուած ըլլայ անձնուիրութեամբ եւ սիրով, անիկա կը նպաստէ նաեւ անհատի  եւ ընկերութեան բարգաւաճումին,  ՝՝Իւրաքանչիւր պարկեշտ զբաղուածութիւն կ՝ընծայէ նաեւ անհրաժեշտ միջոցներ ազատ եւ արժանավայել ապրումի համար։

Ձեր առաքելութիւնը կարիքն ունի քաջութեան՝ օգնութեան հասնելու համար բոլոր անոնց որոնք վտանգի ենթարկուած են ինչպէս նաեւ  հակազդելու եւ կասեցնելու համար  ոճրագործները։. Հասարակութիւնը  ձեզի  կը պարտի ՝ օրինաւոր եւ ազատ կեանք ապրելու հնարաւորութիւնը։

Նման գոյութենապաշտութիւն մը  որ կեդրոնացած է վերոնշեալ իտէալներուն վրայ կը ներկայացնէ բարձր արժանիք Տիրոջ համար եւ իւրաքանչիւր զոհողութիւն՝  ուրիշին բարիքին համար, պիտի վարձատրուի։

Միայն խոկալով խաչեալ Յիսուսին , կրնանք գտնել ներողամտութեան ուժն ու սփոփանքը եւ իւրաքանչիւր աղէտ,  Անոր մէջ կը գտնէ փրկութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով ապա Իտալիա հասնող գաղթականներու հոսանքին, Ոստիկանութեան անդամներուն յարեց,  ՝՝դուք առաջնահերթ գիծին վրայ կը գտնուիք՝ ըլլայ գաղթականներու հիւրընկալութեամբ զբաղելով,  ըլլայ  մարդավաճառներու գործողութիւնները հակազդելու աշխատանքով ։  Սոյն ձեր կատարած  աշխատանքով կը զատորոշուիք  ձեր ծառայութեան եւ մարդկային  հոգիով, մղուած՝ ուրիշին բարիք ընելու բարոյական հրամայականէն։

Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամի աւարտին ըսաւ, հպարտացէք ձեր կատարած աշխատանքով  եւ շարունակեցէք ծառայել ձեր Պետութեան եւ իւրաքանչիւր քաղաքացիին, ինչպէս նաեւ  վտանգի մէջ գտնուող անհատներուն,  պաշտպանելով տկարներն ու արդարութիւնը եւ պիտի գտնէք ճշմարիտ իմաստը ձեր մատուցած ծառայութեան եւ պիտի ըլլաք տիպար  ձեր երկրին, որ կարիքը ունի անձերու, որոնք  անշահախնդիր, յարատեւութեամբ եւ վեհանձնութեամբ կը ծառայեն անոր։

 

Հայցելով Տիրամօր եւ Ոստիկանութեան պաշտպան սուրբ` Գաբրիէլ հրեշտակապետի հովանին,  Ֆրնանչիսկոս Պապը ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.